Librería Samer Atenea
Librería Aciertas (Toledo)
Kálamo Books
Librería Perelló (Valencia)
Librería Elías (Asturias)
Donde los libros
Librería Kolima (Madrid)
Librería Proteo (Málaga)
Նարնիա…ուր սուտը վախ կ՚առաջացնէ, ուր հաւատարմութիւնը փորձութեան կ՚ենթարկուի։Ուր յոյսի նշոյլ, կարծես չկայ։ Նարնիայի վերջին օրերուն, երկիրը կը դիմագրաւէ իր ամենադժուար մարտահրաւէրը, ու դէմ յանդիման կը յայտնուի ներքին թշնամիին հետ։ Սուտերն ու դաւաճանութիւնը արմատներ արձակած են։ Միայն թագաւորն ու անոր հաւատարիմ հետեւորդներուն պզտիկ խումբը կը յաջողին խափանել իրենց համար թանկագին երեւոյթներու կործանումը եւ ասիկա, Նարնիայի Քրոնիկներուն փառահեղ աւարտն է։Ականատես եղէք բոլոր պատերազմներու մեծագոյնին։ «Վերջին Մարտը»՝ Ք. Ս.Լուիսի դասական հեքիաթաշարքին եօթերորդ եւ վերջին գիրքն է, որ 1956-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր ընթերցողները հրապուրած է իր կախարդական երկիրով, ինչպէս նաեւ չափազանց հետաքրքրական ու անմոռանալի կերպարներով։ 3