Այն ատենէն որ Տէր Յիսուս Քրիստոսը ընդունեցի եւ սկսայ Սուրբ Գիրքը կարդալ, ես սկսայ խորապէս աղօթել որպէսզի կարենամ հասկնալ Աստուծոյ սիրտը: Եօթը տարուայ անհամար աղօթքներէ եւ ծոմապահութեան շրջաններէ ետք, Աստուած պատասխանեց ինծի: Եկեղեցի մը հիմնելէս ետքը, Աստուած ինծի Սուրբ Գիրքէն բազմաթիւ դժուար հատուածներ բացատրեց՝ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով, որոնցմէ պարզապէս մէկը միայն կը մանրամասնէ Հոգի, Շունչ, եւ Մարմին գիրքին պարունակութիւնը: Ասիկա այն խորհրդաւոր պատմութիւնն է որ մեզի թոյլ կու տայ որպէսզի կարենանք հասկնալ մարդոց ծագումը, նաեւ թոյլ կու տայ որ մենք ինքզինքնիս հասկնանք: Ասիկա տեղեկագրութիւն մըն է, որ ես պիտի չկարենայի լսել ուրիշ որեւէ տեղ, նաեւ իմ ուրախութիւնս՝ որ ամէն նկարագրութենէ վեր է: