Librería Samer Atenea
Librería Aciertas (Toledo)
Kálamo Books
Librería Perelló (Valencia)
Librería Elías (Asturias)
Donde los libros
Librería Kolima (Madrid)
Librería Proteo (Málaga)
Ես իմ բոլոր շնորհակալութիւններս եւ փառքը կու տամ Հայր Աստուծոյ՝ որ մեզ առաջնորդեց հրատարակելու Խաչին Պատգամը: Ամբողջ աշխարհի վրայով Մէնմինի բազմաթիւ անդամներ մեծ ակնկալութեամբ սպասած են անոր հրատարակուելուն: Այս գիրքը յստակ պատասխաններ կու տայ շատ մը հարցումներու, զոր մեծ թիւով Քրիստոնեաներ հարց տուած են իրենք-իրենց. «Աստուած՝ Ստեղծիչը ինչի՞ կը նմանէր սկիզբէն առաջ», «Ինչո՞ւ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ թոյլ տուաւ իրեն ապրելու այս աշխարհին մէջ», «Ինչո՞ւ Աստուած բարիի ու չարի գիտութեան ծառը դրաւ Եդեմի Պարտէզին մէջ», «Ինչո՞ւ Աստուած Իր միակ եւ միածին Որդին ղրկեց որպէս քաւութեան նոխազ», «Ինչո՞ւ Աստուած ծրագրեց քաւութեան նախասահմանութիւնը փայտէ կոշտ խաչին միջոցաւ»: Այսպիսի բազմաթիւ հարցումներ եւ աւելին: 3